2015-04-14 10:37:00

Պատրիարք` Եունանի գնահատումով Սուրիոյ ընդդիմադիրները կ’ուզեն գրաւել Հալէպը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ասորի կաթողիկէներու պատրիարքը Ինքնատիոս Եուսէֆ Գ. Եունան Ռատիովատիկանի հետ ունեցած ելոյթով ըսաւ որ ընդդիմադիր մահմետականները կը ռմբակոծեն յատկապէս քրիստոնեայ թաղամասերը։

''Ասորի թեմի առաջնորդը ինծի յայտնեց թէ այլեւս չեն կրնար շարունակել ապրիլ  աթոռանիստ եկեղեցւոյ կողմը եւ թէ արդէն երեք աթոռանիստ եկեղեցիներ ռմբակոծուած ու  քարուքանդ եղած են` մարոնի, հայ կաթողիկէ եւ մելքիդ եկեղեցիները'' ըսաւ ապա Պատրիարք Եունան մատնանշելով թէ ''Հալէպ քաղաքին մէջ ներկայիս մնացած է քրիստոնեաներուն մէկ քառորդը։ Դէպի Հոմս տանող ճանապարհը եւս յարձակումի ենթարկուած է։ Օդակայանը  չի բանիր, քաղաքը շրջապատուած է ընդդիմադիրներէն, որոնք կ’ուզեն միանալ իսլամական պետութեան։ Զինուորականները ամէն ջանք կը թափեն որպէսզի քաղաքը ընդդիմադիրներու ձեռքը չիյնայ։ Քրիստոնեաները կ’աշխատին դիմադրել սակայն դժբախտաբար իրենք զիրենք բոլորէն լքուած կը զգան։ Ի՞նչպիսի կոչ մը կարելի է ուղղել. Իմ աղօթքս է որ վերջ տրուի զէնքի առաքումին ընդդիմադիրներուն։ Արդէն մի քանի միլիոն սուրիացիներ հայրենիքէն դուրս կ’ապրին։ Բնակչութեան մեծամասնութիւնը  խաղաղութիւն կ’ուզէ, հաշտութիւն կ’ուզէ։ Վերջ տալու ենք այս ողբերգութեան - ըսած է  Ասորիներու պատրիարքը որուն արձագանգած է նաեւ Սանդ էճիտիոյ հասարակութեան հիմնադիր  Անտրէա Ռիքքարտին որ ըսած է ''անկարելի անշարժ մնալ ի տես զոհերու առօրեայ բազմապատկումին եւ ողբերգութեան մը դիմաց որ միշտ աւելիով կը նսեմացնէ քաղաք մը` որ եղած է քրիստոնեայ - իսլամ համակցութեան վայր։ Միջազգային հասարակութիւնը պէտք է  անմիջապէս միջամտէ ու հրադադար մը պարտադրէ որպէսզի թոյլ տրուի մարդկայնական օգնութիւններ հասցնել բնակչութեան։ Անշարժ մնալը կը նշանակէ մահուան դատապարտել անոնք որ քաղաքին մէջ կ՛ապրին տակաւին''








All the contents on this site are copyrighted ©.